2014-06-15 09:48:10

Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Ժէսթին Ուելպիի այցը Վատիկան` 14 – 16 Յունիս 2014։


14 – 16 Յունիս 2014-ին, Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Ժէսթին Ուելպին Հռոմ ժամանած է հանդիպելու համար Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ ու ապա բացումը կատարելու Կաթողիկէ - Անկլիքան միջազգային խառն յանձնախումբի նոր կայքէջին։ Ան ապա այցելութիւն կը կատարէ գաղթականներու եւ աղքատներու ի սպաս Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան ծրագիր մը։ Իր Հռոմ կեցութեան ընթացքին Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդը հանդիպումներ կ՛ունենայ նաեւ ''Նոր ճանապարհ'' կաթողիկէ ''էքումենիք'' միջազգային հիմնարկի անդամներուն հետ ու ապա, ինչպէս նշեցինք, հանդիպում կ՛ ունենայ Ֆրանչիկսոս Քահանայապետին հետ, 16 Յուլիսի առաւօտուն։ Յայտնենք թէ Քանթերպուրիի առաջնորդը, անցեալ 19 մարտ 2013-ին, Քահանայապետի գահակալութեան առթիւ, չէր կարողացած մասնակցիլ արարողութեան, որովհետեւ ինք եւս, երկու օր ետք` 21 մարտ 2013-ին կը դառնար Քանթերպուրիի 105-րդ առաջնորդը։







All the contents on this site are copyrighted ©.